2015-10-03 09:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 հոկտեմբերի գործունէութիւնը` ''ընտանիքի համար աղօթքի հսկում''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի կառավարական շէնքի մատրան մէջ, Վատիկանի ոստիկանութեան անդամներուն համար մատուցեց ս. Պատարագի արարողութիւնը։

Ապա ժամը 10-ին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք ընդունեց Պիելոռուսիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Քլաուտիօ Քուճերոթթին։ Ժամը 11,30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Սննդային Պահեստի Հիմնարկ»   բարեսիրական կազմակերպութեան 7 հազար անդամներուն։ Իսկ երեկոյեան ժամը 7-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կազմակերպուած` կիրակի 4 հոկտեմբերին սկիզբ առնող ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախօրեակին, Ընտանիքի համար աղօթքի հսկումին։

Հսկումը սկիզբ կ՛առնէ յետմիջօրէի 5-ին սուրբ գրային ընթերցումներով, շարականներու երգեցողութեամբ եւ վկայութիւններու ներկայացումներով։ Նորին Սրբութեան ժամանումին, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն ողջոյնի խօսք կ՛ուղղէ, յանուն իտալացի բոլոր եպիսկոպոսներուն­,­ հուսկ կը կատարուի ''Եկ Սուրբ Հոգի'' աղօթքը  ապա օրուան Աւետարանի ընթերցումէն ետք,քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր կը պատմուի Էմմաւուսի աշակերտներուն Յիսուսի յայտնութեան մասին,  Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուղղէ յաւուր պատշաճի քարոզը։

Աղօթքի հսկումը կ՛եզրափակուի ընտանիքին նուիրուած աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.